Նարինէ Գոնճայեան. Անցորդին Խիղճը - Mediamax.am

1597 դիտում

Նարինէ Գոնճայեան. Անցորդին Խիղճը


Լուսանկարը`


- Ըսին, որ այսօր մեզ պիտի տեղափոխեն: Զօրանոցէն պիտի ելլենք: Չեմ գիտեր ուր պիտի երթանք:

 

Վերջին զանգելուն ա՛յս միայն ըսած էր եղբայրս, չափազանց վատ հեռախօսակապի մը միւս կողմէն:

 

2011 թուականն էր, եղբայրս կը ծառայէր Տարաայի մէջ, այսինքն՝ ճիշդ ա՛յն ատեն, երբ սկիզբ առած էին Սուրիոյ խնդիրները եւ ճիշդ հո՛ն, ուրկէ սկիզբ առած էին անոնք: Մենք՝ Հալէպի մէջ, ուր բացի ելեկտրականութեան երկար ընդհատումներէն ոչ մէկ արտասովոր բան կար տակաւին, միայն հեռատեսիլի միջոցաւ կը հետեւէինք սրուող իրադարձութիւններուն: Եղբայրս գիտէր, որ անչափ մտահոգ էինք եւ առիթ չէր փախցներ ատեն-ատեն  արագ կապ մը հաստատելով մեր միտքերը հանգստացնելու իր որպիսութեան մասին, բայց այս վերջին, մտահոգիչ զանգէն արդէն անցած էր մէկ շաբաթ: Տարաայի մասին սփռուող լուրերը ցաւալի էին: Ամէն օր նահատակներու անուններ կը հրապարակուէին (այն ատեն դեռ նահատակներուն թիւը քիչ էր եւ անոնց անունները կը յայտարարուէին: Բան մը, որ անկարելի պիտի ըլլար Սուրիոյ պատերազմի յաջորդ հանգրուաններուն):

 

Տան մէջ ծանր մթնոլորտ մը կը տիրէր: Ո՛չ խօսելու, ո՛չ ուտելու, ո՛չ ալ մեր առօրեայով տարուելու ցանկութիւն ունէինք: Հարազատ - ծանօթ - բարեկամ, բոլորը իմանալով եղբօրս ծառայութեան վայրի տագնապալի վիճակին մասին, անընդհատ կը հետաքրքրուէին, թէ ի՞նչ են անոր լուրերը, թէ ինչպէ՞ս է ան, թէ ե՞րբ վերջին անգամ լուր ստացած ենք անկէ, իսկ մեր պատասխանը միշտ նոյնն էր՝ անորոշութիւն: Ոչ մէկ լուր աւելի քան տաս օրէ ի վեր: Հեռաձայնին իւրաքանչիւր զանգը թէ՛ յուսալի կանչ մըն էր եւ թէ՛ ահազանգի պէս սարսափազդու ճիչ մը այդ ճնշող մթնոլորտին մէջ:

 

Տասնվեցերորդ օրն էր: Հեռաձայնին զանգը խզեց մեր տան լռութիւնը: Հայրս պատասխանեց եւ, յայտնապէս արաբ խօսակից մը ունենալով, արաբերէնով շարունակեց խօսակցութիւնը.

 

- Այո, այո, տղաս է...:

 

Բոլորս մօտեցանք անհամբեր, երբ հայրս քիչ մը լսելէն ետք, արդէն ամբողջովին ուրիշ թոնով, յուզմունքը հազիւ զսպած, ըսաւ.

 

- Շատ շնորհակալ եմ, եղբա՛յր, Աստուած քու դէմդ ալ միշտ բարին հանէ: Շատ մտահոգ էինք: Շնորհակալ եմ, շնորհակալ եմ...:

 

Կապը անջատելէն ետք հայրս բացատրեց. զանգողը այսօր եղբօրս հանդիպած է Տարաայէն Դամասկոս տանող ճամբուն վրայ, զինուորական անցարգելի մը մօտ, երբ, իր փաստաթուղթերը ստուգելու ընթացքին, զինուորներէն մէկը՝ եղբայրս, թղթիկի մը վրայ իր անունն ու տան հեռաձայնի թիւը գրած է եւ խնդրած՝ ծնողքին զանգել ու հաղորդել, որ ինքը ողջ ու առողջ է: Մարդը Դամասկոս հասնելուն պէս զանգած է ու զինուորին խնդրանքը կատարած, հօրս բացատրելով նաեւ, որ Տարաայի մէջ հեռախօսային ոչ մէկ միջոց կայ այս օրերուն եւ որ շրջանը ամբողջովին անջատուած է աշխարհէն:

 

Հետագային, երբ պատերազմը իր ամբողջ ահաւորութեամբ հասաւ Հալէպ, եւ երբ ամէն օր կը բախէինք չարին ու չարիքին, յուսալքութեան պահերուս կը յիշէի այդ բոլորովին անծանօթ, պատահական անցորդին հեռախօսազանգը, որ բացարձակ բարութեան մարմնացում էր, խղճմտանքի դրսեւորում մը, որ ոչ միայն մէկ օրուան թեթեւութիւն պարգեւած էր զինուորի մը ընտանիքին, այլեւ վստահութիւն եւ հաւատք, որ նոյնիսկ պատերազմի ընթացքին, նոյնիսկ այդ համատարած չարիքին մէջ, բարիքն ու բարին կամեցող մարդիկ կան ու կը գոյատեւեն, որ չարիքը չի կրնար կլանել աշխարհը, որ դժոխք չէ հոս, ուր կ'ապրինք, որ ամենաբարին դեռ անհաւանական չէ...:

Կարծիքներ

Հարգելի այցելուներ, այստեղ դուք կարող եք տեղադրել ձեր կարծիքը տվյալ նյութի վերաբերյալ` օգտագործելուվ Facebook-ի ձեր account-ը: Խնդրում ենք լինել կոռեկտ եւ հետեւել մեր պարզ կանոներին. արգելվում է տեղադրել թեմային չվերաբերող մեկնաբանություններ, գովազդային նյութեր, վիրավորանքներ եւ հայհոյանքներ: Խմբագրությունն իրավունք է վերապահում ջնջել մեկնաբանությունները` նշված կանոնները խախտելու դեպքում:




Մեր ընտրանին